ԱՐԴԵ՞ՕՔ ՄՈՌՑՈՒԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Նոր Զարթօնքի Հոլանտայի մասնաճիւղը եւ Doorbraak, 20 Ապրիլ 2019 շաբաթ օրը կը կազմակերպեն զրոյց մը եւ ցուցահանդէս մը: Հոլանտայի իշխանութիւնները դեռ չէ ճանչցած ցեղասպանութիւնը, երբ Հոլանտայի խորհրդարանը ընդունած է: 24 Ապրիլ 1915 ին հայերու եւ Ասորիներու ոչնչացումով սկսող ցեղասպանութիւնը, եթէ նկատի ունենանք փոքրամասնութիւններու ներկայ վիճակը մեզի ենթադրել կու տայ այն հարցման մասին թէ ցեղասպանութիւնը կը շարունակո՞ւի:

Nederlands, English, Türk, Հայերեն

20 Ապրիլին կայանալիք միջոցառման գլխաւոր թեման ցեղասպանութիւնն ու անոր ծալքերն են: Ցեղասպանութեան յանցագործները երբեք չդատապարտուեցան եւ ցեղասպանութիւնը հնարաւոր դարձնող գործադիր մարմինները չբացայայտուեցան: Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ մէջ կանոնաւորապէս ատելութեան ոճրագործութիւններ, ջարդեր եւ խոշտանգումի ձեռնարկներ տեղի ունեցան: Յոյներու, Հրեաներու, Քուրտերու եւ Ալեւիներու նման ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւնները, զոհը դարձան այս ազգայնամոլ քաղաքականութեան:

Ինչպէս Թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան ընթացքին ալ տեսնուեցաւ, ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ակնարկող փոքրամասնութեան անդամներուն կեանքը երբեք չ’երաշխաւորուեցաւ: Ալեքսիս Քալքի եւ Արիս Նալճըի նման անձնաւորութիւններու մասնակցութիւն բերելը Կեզի այգիի եւ Արմէն ճամբարի դիմադրութեան եւ իրենց խիզախ վերաբերումը վերեւ նշուած նիւթերու շուրջ ողջունելի է : ներողութիւն խնդրելու կողքին պէտք է օրակարգի բերել ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումներու հարցը: Ասոր համար ալ նախապայման է կազմակերպուածութիւն, պայքար եւ զօրակցութիւն:

15-28 Ապրիլի միջեւ De Klinker ի մէջ տեղի պիտի ունենայ «մերօրեայ Թուրքիոյ մէջ հայկական աքթիվիզմը. Նոր Զարթօնք» խորագրեալ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը: Սոյն հանդէսը կը ներփակէ այն լուսանկարները, որոնք կ’արտացոլեն Նոր Զարթօնքի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանման համար կազմակերպած միջոցառումները Թուրքիոյ մէջ եւ Թուրքիայէն դուրս: